Jump to content

Տէր Զօր Քաղաք

Քաղաք
Տէր Զօր Քաղաք
արաբերէն՝ دير الزور
Երկիր  Սուրիա
ԲԾՄ 210 մեթր
Բնակչութիւն 271 800 մարդ (2018)[1]
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 051

Տէր Զօր (քաղաք), (արաբերէն՝ دير الزور), Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Վարչական կեդրոնը:

Եփրատի ափին գտնուելուն շնորհիւ, բնակչութիւնը Եփրատի ջուրերը կ'օգտագործէ արտերը ոռոգելու, որ առիթ կ'ընծայէ բնակչութեան՝ զբաղելու ոռոգովի երկրագործութեամբ։

Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է Օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն կ'անջատուի, 1865-ին:

Հռոմէական ժամանակաշրջանին, Եփրատ գետին վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:

Տէր Զօրի Բնակչութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր Զօրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը սերի արաբական հետեւեալ տոհմերէն.

  • Պակկարա, որ կը բաժնուի երեք ցեղախումբերու` ապիտ, պուսըլթան, ապետ եւ ըկետաթ:

Աշխարհագրական-ընկերային շարք մը ուսումնասիրութիւններու մէջ, հայերուն ներկայութիւնը չէ յիշատակուած, այլ յիշուած է, որ բնակչութիւնը կազմուած է բացարձակապէս արաբներէ. շրջանին բնակիչներուն կազմութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով.

– ԺԹ. դարու կիսուն, Տէր Զօր դարձած էր համանուն մութասարիֆաթի կեդրոն: Օսմանեան պետութեան հայ պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ հայ վաճառականներ ու արհեստաւորներ կայք կը հաստատեն քաղաքին մէջ: Դարավերջին քաղաքի 20,000 բնակչութեան միայն 1200-ը քրիստոնեայ էր, որուն 450-ը հայ: Տէր Զօր գտնուող հայերը որոշ ժամանակ մաս կը կազմեն Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ համայնքին՝ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականի բացակայութեան պատճառով:

– Արաբ ցեղերը, որոնք վերջին չորս դարերուն ընթացքին կազմաւորուած են եւ հոն հաստատուած` ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, կը զբաղին հողագործութեամբ կամ անասնաբուծութեամբ, իսկ հին արաբները հաստատուած են պատմական քաղաքներուն մէջ[2]:

Պատմական Իրադարձութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 272-ին, Զենուպիա թագուհին Փալմիրա (Թըտմոր) քաղաքը ձգելով` կ'ուղղուի դէպի Եփրատ. ան կը հասնի «Տէր» կոչուած վայր մը` Եփրատի եզերքին: Գետը անցնելու համար, նաւակ նստելու պահուն, կը ձերբակալուի: Այս տեղեկութիւնը կը համարուի Տէր Զօրի մասին հնագոյն յիշատակումը[3]:
  • 636-ին, արաբական տիրապետութեան ատեն, արաբ աշիրեթները կը յաջողին արաբները ազատել հռոմէացիներու եւ պարսիկներու բռնութենէն:
  • 640-ին, իսլամական կրօնը Տէր Զօր մուտք կը գործէ խալիֆա Օմար պըն Ապի Խաթթապի օրով, եւ այդպէս արաբները կը գիտակցին Տէր Զօրի աշխարհագրական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութեան:
  • 786-ին, խալիֆա Հարուն Ալ Ռաշիտ Տէր Զօրէն կ'անցնի դէպի Ռագգա եւ զայն կը դարձնէ իր ամրոցը:
  • 1696-ին, յիսուսեան հայր Ժաքոպ Ֆիլիոփ կ'այցելէ Տէր Զօր:
  • 1864-ին օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր: Արաբները կը դիմադրեն: Օսմանցիները, երբ կը կազմեն իրենց վարչական երկրորդ բարենորոգումները, Տէր Զօր կը դառնայ սանճագ:
  • Տէր Զօր կը տարածուէր Անայի սահմաններէն մինչեւ Մեսքէնէ, որուն կը պատկանէր Փալմիրան` մինչեւ Նըսեպին (Մծբին):
  • 1864-ին, առեւտրական առաջին շուկան «Սուք Պերեճիկ» անունը կը ստանայ` ի յիշատակ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայաբնակ Պերեճիկ գիւղէն բերուած ապրանքներուն:
  • 1865-ին, Տէր Զօր կը դառնայ գայմագամութիւն, որ կապուած էր ուղղակիօրէն Բարձր Դրան: Խալիլ Սաքեպ Օրֆալլի Տէր Զօրի գայմագամ կը նշանակուի:
  • 1865-ին, կը հիմնուի զինուորական առաջին զօրանոցը:
  • 1866-ին, Եփրատի եզերքը գտնուող հովիտները կը բաժնուին աշիրեթներու միջեւ:
  • 1868-ին, Տէր Զօր կը դառնայ գաւառ (մութասարիֆիէ), կ'անջատուի Հալէպէն եւ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ:
  • 1868-ին, Տէր Զօրի կառավարիչ (մութասարեֆ) կը նշանակուի Արսլան փաշան:
  • 1868-ին, Տէր Աթիքի մէջ կը կառուցուի Կառավարութեան տունը (կամ` Կառավարութեան պալատը):
  • 1870-ին, Տէր Զօր գաւառ ըլլալէ կը դադրի եւ կը կապուի Հալէպի:
  • 1870-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ (սանճագ)`կապուած Պոլսոյ:
  • 1876-ին, Տէր Զօր կրկին կը կապուի Հալէպի:
  • 1878-ին, անգլիացի արեւելագէտ լէյտի Անն Պլենթի կ'այցելէ Տէր Զօր, ձիեր գնելու նպատակով:
  • 1881-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ:
  • 1882-ին, կը կատարուի առաջին մարդահամարը: Բնակչութեան թիւը կ'ըլլայ հինգ հազար: Քաղաքը կը բաժնուի չորս թաղամասերու. «Ապտուլ Ազիզ», «Ուասաթ» (մէջտեղ), «Ժամէ Քապիր» (մեծ մզկիթ), «Ղարպ» (արեւմուտք):
  • 1893-ին, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով «Համիտիէ» թերթը կը հրատարակուի:
  • 1904-ին, Մեծ կամուրջին հիմքերը կը զետեղուին:
  • 1905-ին, Հին կամ Փոքր կամուրջը կը կառուցուի:
  • 1911-ին, Փալմիրան կ'անջատուի Տէր Զօրէն:
  • 1916-ին` համաճարակներ:
  • 1918-ին, կը հիմնուի «Չէօլ» թերթը` Ապտիւլ Քատեր բեկի օրով:
  • 1918-ին, Ռագգան կ'անջատուի Հալէպէն եւ կրկին կը կապուի Տէր Զօրի:
  • 1924-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը միանայ Դամասկոսի` Սուրիական ազգային կառավարութիւնը կազմելու:
  • 1930-ական տարիներուն, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից՝ հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը։ Յաջորդ տասնամեակներուն, հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար, եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի[4]։
  • 1932-ին, ֆրանսացի զօրավար Տը Կոլ կ'այցելէ Տէր Զօր` իբրեւ գնդապետի տեղակալ:
  • 1936-ին, կը հիմնուի Ահմատ Մուսթաֆայի «Ֆուրաթ» անունով առաջին տպարանը:

Տէր Զօր անուանումին մասին ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, հարկ է հիմնուիլ Եաքութ Համուիի բացատրութեան: Ան իր «Երկիրներու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ «Տէր Զօր»ի ակնարկելով, առաջին անգամ յիշատակած է «Տէր ալ-Ռումման» (նուռի վայր) անուանումը:

Վայրը բացատրելու համար կ'ըսէ.

Մեծ քաղաք` անապատային շուկաներով, Ռագգայի եւ Խապուր գետի միջեւ, ուրկէ կ՛անցնին Իրաքէն Շամ գացող կարաւանները:

Միւս կողմէ, ըստ «Արաբական հանրագիտարան»ին, Տէր Զօր ճանչցուած էր միայն «Ալ-Տէր» անունով, մինչեւ 1864 թուական: Արաբերէն «Տէր» բառը կը նշանակէ վանք, հետեւաբար «Տէր» կոչուած է արհեստական բլուրի մը մէջտեղը գոյութիւն ունեցող հոգեւորականներու վանքին պատճառով:

Հետագային, երբ օսմանցիները քաղաքը կ'ընտրեն իբրեւ սանճագի վարչական կեդրոն, «Ալ-Զօր» բառը կ'աւելցնեն` նկատի առնելով, որ «Զօր» կը նշանակէ խիտ ծառեր` Եփրատ գետի եզերքին պարտէզներու եւ ծառերու առկայութեան պատճառով:

Այլ բացատրութեամբ, «Տէր» բառը կը ստանայ վայր իմաստը: Հետեւաբար, ըստ պատմական տուեալներուն, քաղաքը ունեցած է զանազան պատմական անուանումներ: Օրինակ` «Տէր ալ-Ռահպան» (վարդապետներու վայր), «Տէր ալ-Ռումման» (նրան վայր)` նռնենիներու առատութեան պատճառով, իսկ անապատի բնակիչները շրջանը կոչած էին «Տէր աշ-Շուար», այսինքն` բանաստեղծներու վայր (շուաար, եզակին` շաէր, արաբերէնով կը նշանակէ բանաստեղծ), քաղաքին մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներու գոյութեան համար. անոնցմէ յայտնի է բանաստեղծ Մուհամմետ Ֆուրաթին:

Կայ այլ տեսակէտ մը եւս, թէ Տէր Զօր բառը առնուած է ասորի Տէր Զաուր անուանումէն, որ ճանչցուած էր իբրեւ փոքր վանք: Հետագային անոր վրայ կը կառուցուի Տէր Աթիքը (հին վայր):

Սակայն, օսմանեան վարչական բարենորոգումներու ժամանակ կը կոչուէր «Տէր ալ-Ռահպա», մօտակայ քաղաք Մայատինի Ռահպա Մալեք պին Թաուքի համաձայն: Իսկ 1864-ին, օսմանեան երկրորդ վարչական բարենորոգումներու ժամանակ Տէր Զօրը կը դառնայ Մութասարիֆիէթ Տէր Զօր, անջատուած Հալէպէն եւ կապուած` Պոլսոյ: Ապա անիկա կը դառնայ Լիուա Զօր, իսկ երեսունականներէն մինչեւ օրս` Տէր Զօրի նահանգ:

Տէր Զօրի անուանումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր տեսակէտներ եւ բացատրութիւններ.

  • Օմայետներու ժամանակաշրջանին կը կոչուէր Տէր Հաթլիֆ, իսկ տասներորդ դարուն կը կոչուի Ալ-Տէր:
  • Կարգ մը եւրոպացի ճանապարհորդներ զայն կոչած էին Տէր Ասաֆիր (թռչուններու վայր), հոն բազմաթիւ թռչուններու գոյութեան պատճառով:
  • Տէր Զօրը անուանուած է նաեւ Աժուժ (արաբերէն «աժաժ» կը նշանակէ մրրիկ), յաճախակի մրրիկի պատճառով:
  • Շատեր կ'ենթադրեն, որ «Զօր» թրքերէն բառ է եւ կը նշանակէ դժուարութիւն, մինչ «Զօր» արաբերէն կը նշանակէ անտառ:
  • Պետեւիները կոչած են «Տիրա», որ կը նշանակէ վայր: Վայր, ուր գետը կը թեքի հակառակ ուղղութեամբ: «Զօր» բայէն, որ կը նշանակէ ծուռ կամ կոր` մատնանշելով գետի կորութիւնը: Սերած` «Զաիրա» բառէն, որ կը նշանակէ ջուրէ եւ եղէգէ անտառ:
  • Լեզուագէտները «Տէր» բառին կու տան հետեւեալ բացատրութիւնը՝ Աղօթատեղի: Արամէական «Ժտերթա» կամ «Ժտերա» քաղաքի անուանման աղաւաղուած ձեւ, հետագային` «Տէրթա» կամ «Տէրա», որուն վայրը կը համընկնի Տէր Զօրին:

Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն կ'անջատուի 1865-ին:

Անուանումի զանազան բացատրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ «Տէր Զօր» բառը երեւան եկած է ԺԹ. դարուն[5]:

Տէր Զօրի ապստամբութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Տէր Զօրի մէջ պատմական իրադարձութիւններէն կը համարուին ապստամբութիւնները: Տէր Զօրի առաջին ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1864-ին: Օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր, ուր տեղի կ'ունենայ ժողովրդային դիմադրութիւն: Օսմանցիները տուրքեր կը պարտադրեն եւ տղամարդիկը կը ձերբակալեն:
  • Տէր Զօրի երկրորդ ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1871-1874 թուականներուն: Կառավարիչ Օմար փաշայի օրով կը պարտադրուին տուրքեր, տեղի կ'ունենան թալան եւ ջարդեր, շատեր կը բանտարկուին:
  • 1889-ին, տեղի կ'ունենայ արեւելեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուին բերքերու թալան եւ ունեցուածքներու գրաւում:
  • 1895-ին, տեղի կ'ունենայ արեւմտեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն պատճառով տեղի կ'ունենան բանտարկութիւններ եւ տուրքի գանձում:
  • 1913-ին, կը հիմնուի «Ահըտ Ֆուրաթի» կազմակերպութիւնը, որմէ ետք ան կը դառնայ «Ահըտ» կազմակերպութեան կորիզը:
  • 1914-1918 տարիներուն թուրքերու դէմ ապստամբութիւններուն տեղի կ'ունենան անհատական եւ հաւաքական դիմադրութիւններ: Այդ ապստամբութիւններուն հերոսներն էին` Ռամատան Շլաշ, Մոհամետ Ֆուրաթի եւ ուրիշներ:
  • 1918-ին, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զինուորական ուժ եւ կառավարիչ սպայ մը կ'ուղարկէ, որպէսզի ռազմական-վարչական գործերը կատարուին Սայքս Փիքոյի համաձայնութեան ծրագիրին հիման վրայ:
  • Ռամատան Շլաշի զբաղեցուցած է զինուորական պաշտօններ, իսկ 1919-ին եղած է Ռագգայի զինուորական կառավարիչը:
  • Տէր Զօրի մէջ Շլաշի ապստամբութիւնը ծանօթ է իբրեւ այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ ռազմական ամէնէն կարեւոր ապստամբութիւններէն մէկը, քանի որ քաղաքական տեսանկիւնէն Տէր Զօրը կը դարձնէ կեդրոն եւ կ'ըլլայ մեկնակէտը Իրաքի ապստամբութեան, իսկ ռազմական տեսանկիւնէն` կը վտարէ անգլիացիները եւ կ'ազատագրէ Տէր Զօրը:

Տէր Զօրի հնագիտական վայրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր Զօրի հնագիտական վայրերը կարելի է յիշել հետեւեալ ձեւով.

«Թել Պաքրաս» եւ «Մարի» (Թել Հարիրի), որ կ'ընդգրկէ երկու վանքեր` «Թարքա» (Աշարա գիւղի հին անունը), «Ռահպա Մալեք պին Թաուք», «Քրքիսիա» (ներկայիս Թել Պըսերա), «Տորա Օրուիոս» (Սալհիէ), «Հալապիա Զալապիա», «Թել Շէյխ Համատ» եւ «Պաղուզ»:

Հետազօտողները յետ ուսումնասիրութիւններու եկած են այն եզրակացութեան, որ ներկայ քաղաքին հին վայրը կը գտնուէր Տէր Աթիք (հին վայրի) շրջանին ներքեւ: Տէր Աթիքի շրջանը կը գտնուէր Եփրատի եզերքին: Քաղաքին այդ շէնքերը կառուցուած էին արուեստական բլուրի մը վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէր հինգ քաղաքներու աւերակները եւ հնութիւնները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի տարբեր ժամանակաշրջանի: Այդ բլուրը 1968-ին կը վերացուի եւ անոր տեղ կը բարձրանայ Քուսուր թաղամասը:

Ցեղախումբերու տեսակները կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. ուղտապան աշիրեթներ (շրջող պետեւիներ), խաշնարած աշիրեթներ եւ նստակեաց աշիրեթներ:

Եփրատ գետի վրայ տեղադրուած կամուրջները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եփրատ

1960-ական թուականներէն առաջ քաղաքին մէջ կային միայն երկու փայտէ կամուրջներ` «Աշարա» եւ «Հին Ապու Քամալ»:

Իսկ ներկայիս կան տասը կամուրջներ.

– «Նախագահ Ասատ», կառուցուած` 1987-ին:

– «Սուսա», կառուցուած` ֆրանսական խնամատարութեան ժամանակ:

– «Աշարա» ռազմական կամուրջ է, երկաթէ եւ փայտէ, կառուցուած` 1960-ին:

– «Մայատին»:

– «Հասաքէ» կամ «Հաթլա», կառուցուած` 1968-ին:

– «Քնամէ»:

– «Աթիք» (հին կամուրջ) կամ (փոքր կամուրջ), կառուցուած` փոքր Եփրատի վրայ, 1905-ին:

– «Մուալաք» (կախուած կամուրջ), կառուցուած` մեծ Եփրատի վրայ, յատկացուած է հետիոտն երթեւեկի:

– «Ժուրա», կառուցուած` 1968-ին:

– «Հուեժա Իպն Սաքըր», կառուցուած` 1987-ին:

Տէր Զօր եւ հայերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յետ Ցեղասպանութեան պատահարները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, Ցեղասպանութեան վաղորդայնին, Հալէպ քաղաքը ոչ միայն հայ աքսորականներուն աքսորավայր դարձած էր, այլ տարանցումի հանգրուան մը Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն եկող հարիւր հազարաւոր հայորդիներուն: Բազմաթիւ վրանակայաններ տեղակայուած էին քաղաքին մերձակայքը՝ «Ինթիլի, Իսլահիէ, Քաթմա, Ազազ (Ազէզ), Ռաճօ, Պապ, Մունպուճ եւ մանաւանդ Սէպիլ՝ Հալէպի հարաւ-արեւելքը գտնուող գաղթակայանը: Տէր Զօր մէջ կը ծրագրուէր մութասարիֆաթի սահմաններէն ներս՝ քշուած աքսորականներու ցրումն ու ոչնչացումը անապատի մէջ»:
  • Համաշխարհային առաջին պատերազմէն անմիջապէս ետք Տէր Զօրի նախաեղեռնեան գաղութէն եւ տարագրութենէն հոն մնացած վերապրողները կը կատարեն որբահաւաքման ու հայահաւաքման մեծ ու սրբազան աշխատանք մը: Երբ տունդարձի ճամբաները կը փակուին՝ 1923-ին, կը կազմուի թաղական խորհուրդը, որ 1924-ին տուն մը կ'օգտագործէ իբրեւ եկեղեցի եւ դպրոց:
  • Տէր Զօրի նախճիրներէն ազատած փոքրիկ հայ մանուկներ, որոնք փրկուած են շրջակայ պետեւիներու կողմէ, չափահասութեան տարիքին ալ, դեռ կ'ապրին շրջիկ պետեւիներու կեանքը: Այսպիսի հազարաւոր աղջիկներ ու երիտասարդներ կը գտնուին անապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք մերթ ընդ մերթ կը փախչին Տէր Զօր, ուր՝ իր ազգասիրութեամբ ու առատաձեռնութեամբ հռչակ հանած Տիկին Սաթենիկ (այրին դերձակ Գրիգոր Հայկեանի) զանոնք խնամելով եւ իրենց անմիջական պէտքերը հոգալով կը ղրկէ Հալէպ՝ Միս Քարէն Եփփէի պատսպարանը:
  • 1923-ին կը կազմակերպուի համայնքը՝ առաքելական եւ կաթողիկէ հայերով, կ'ունենայ մնայուն քահանայ: Առաջին քահանան՝ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Ներսէսեանն է: 1924-ին բացուած եկեղեցւոյ եւ դպրոցին համար կը տրամադրուի թուրքէ մը մնացած տուն մը:
  • 1927-ին հոն ապաստան կը գտնէ շուրջ 70 հայ ընտանիք:
  • 1928-ին՝ 8019:
  • 1929-ին՝ 11020: 1929-ին հայութիւնը կը սկսի կառուցել իր սեփական շէնքերը: Ասոնց կ'ընկերանան բիւրաւոր նահատակներու անթաղ մնացած ոսկորներուն հաւաքումը: Կը կառուցուի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, որուն մէջ, իբրեւ Նահատակաց Դամբարան ու Յիշատակարան, կ'ամփոփուին նահատակաց ոսկորները, կը կառուցուի Նահատակաց վարժարանը, եւ իբր գերեզմանատուն կը պարսպապատուի այն գետինը, ուր հասարակաց փոսերու մէջ թաղուած էին նահատակներուն մարմինները: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին բացումը կը կատարուի Հոկտեմբեր 1931-ին:
  • 1932-ին՝ 10821:
  • Համայնքը հայրենակցական հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէր՝ «70 տուն ուրֆացի, 15 տուն այնթապցի, 15 տուն քիլիսցի, 5 տուն տիգրանակերտցի, 5 տուն մարաշցի եւ պրուսացի, սամսոնցի եւ թալասցի մէկական տուն»: Ազգային գործերը կը կատարուէին թաղական խորհուրդի անդամներու կողմէ: Իսկ հոգեւոր կարիքները կը հոգար Կարմուջցի Տ. Ղեւոնդ քահանան: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շնորհիւ, 1928-ին, հայ դպրոցը իր դռները կը բանայ երկսեռ աշակերտներու համար՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան բաժանմունքներով: «Շէնքը ունէր 8 սենեակ եւ 2 բակ, եւ կ'արժէր 800 ոսկի, գնուած՝ 350 ոսկիով[6]:
  • 1977-ին Տէր Զօր գրեթէ հայաթափ էր: Դպրոցը չէր գործեր, եկեղեցին լքուած էր ու կ'օգտագործուէր իբրեւ գոմ, Նահատակաց դամբարան-յիշատակարանը՝ սրբապղծուած:
  • 1985-ին, հայութիւնը մոռցած նախկինին ճակատագիրը, հիմնարկէքը կը կատարէ Տէր Զօրի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին, որուն բացումը կը կատարուի 1991-ին[7]:
Տէր Զօր քաղաքին նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական առումով, Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս` սուրիահայերուն համար, նաեւ բարոյական խորհրդանշան` սուրիական քաղաքներուն միջեւ, նկատի առնելով, որ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին եւ բեմահարթակ` թուրք ժանտարմաներու ձեռամբ կատարուած սպանութիւններուն. այդ պատճառով, հայերը հոն կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած մատուռը (պաշտօնապէս կառուցուած` 1991-ին) եւ թանգարանը, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէսներ` առ ի յիշատակում նահատակներուն, որոնք զոհուած են այդ շրջանին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը կը հանդիսանայ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու`ամէն տարուան 24 Ապրիլին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը զայն կը յայտարարէ հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին[8]:

Միջազգային մակարդակի վրայ 11 Փետրուար 2010-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ, որուն ներկայ եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ամէնէն մեծ իրադարձութիւնը հանդիսացած է ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին կողմէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը, Տէր Զօրի Ռըշտիէ թաղամասին մէջ, 21 Սեպտեմբեր 2014-ին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]