Jump to content

Զամպիա

Զամպիա
Զամպիոյ դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Կենտրոնական նահանգ?, Copperbelt Province?, Eastern Province?, Luapula Province?, Lusaka Province?, Northern Province?, Northwestern Province?, Southern Province?, Արևմտյան պրովինցիա? եւ Muchinga Province?
Պետական լեզու անգլերէն[1]
Մայրաքաղաք Լուզաքա
Օրէնսդիր մարմին National Assembly?
Երկրի ղեկավար Hakainde Hichilema?
Կառավարութեան ղեկավար Edgar Lungu?
Ազգաբնակչութիւն 2009 նախահաշիվը 12,935,000
Օրհներգ Stand and Sing of Zambia, Proud and Free?
Կարգախօս One Zambia, One Nation
Հիմնադրուած է 24 Հոկտեմբեր 1964 թ.
Արժոյթ Զամպիական կուաչա (ZMK)
Ժամային համակարգ UTC+2 եւ Africa/Lusaka?[2]
Հեռաձայնային համակարգ +260
Համացանցի յղում .zm?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,565[3]
statehouse.gov.zm

Զամպիա, որ Հիւսիսային Ռոտեզիոյ նախկին բրիտանական հոգատարութեան տակ է, կը գտնուի հարաւային Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, սահմանակից ունենալով հիւսիսէն՝ Քոնկոյի Հանրապետութիւնը եւ Թանզանիա, արեւելքէն՝ Մալաուի եւ Մոզամպիք, հարաւէն՝ Ռոտեզիա (հարաւային) եւ Պոցուանա, արեւմուտքէն՝ հարաւ-արեւմտեան Ափրիկէ եւ Անկոլա։

Հողը բարեբեր է եւ կան արօտավայրեր։

Գլխաւոր քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր քաղաքներն են՝

Լուզաքա՝ մայրաքաղաք

Նտոլա

Քիթուէ

Պատմութիւն եւ Կառավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն, Զամպիա բնակավայրն էր հնդիկ գաղթականներու։ Արաբները հոն հաստատուիլ սկսան 740-էն։ 1888 - 1924 կառավարուեցաւ Բրիտանական Հարաւային Ափրիկէի ընկերութեան կողմէ, իսկ այդ թուականին բրիտանական կառավարութիւնը ստանձնեց երկրին ղեկը։

Բրիտանական հասարակապետութեան շրջագիծէն ներս, Զամպիա Հիւսիսային Ռոտեզիա անուան տակ մէկ երկիրն էր Նիասալանտի եւ Հարաւային Ռոտեզիոյ հետ կազմուած դաշնակցային պետութեան։ Սակայն բնիկները ընդդիմացան այդ վարչաձեւին։ Մ. Բրիտանիա չյաջողեցաւ իր կամքը պարտադրել եւ երկիրը անկախութիւն ստացաւ 24 Հոկտեմբեր 1964-ին։ Նախագահ ընտրուեցաւ Ազգայնական կուսակցութեան պետ Քենեթ Քաունտա։ Նախագահը կ'ընտրուի ժողովրդային ուղղակի քուէարկութեամբ։ Խորհրդարանը ունի 80 անդամ, որոնց 75-ը կ'ընտրուի ուղղակի քուէարկութեամբ, իսկ հինգը կը նշանակուին նախագահին կողմէ։

Սահմանադրութիւնը մասնաւոր տրամադրութիւն ունի հոն բնակող սպիտակամորթներուն համար։

Զամպիա անդամ է ՄԱԿին (1 Դեկտեմբեր 1964), Ափրիկէի Միութեան Կազմակերպութեան եւ Բրիտանական հասարակապետութեան։

Կը հետեւի չէզոք քաղաքականութեան։

Պաշտօնական լեզուն է պասուքոն, կը խօսուին անգլերէն եւ Ափրիկէնտերներու լեզուն, ինչպէս նաեւ պանթու բարբառներ։

Տնտեսական Պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր արտադրութիւնն է պղինձը, որով կը գրաւէ աշխարհի մէջ 3-րդ տեղը։ Ունի նաեւ զինկ, կապար, քոպալթ եւ մանկանէզ։ Որպէս երկրագործական արտադրութիւն, ունի ծխախոտ, եգիպտացորեն, կաղին։ Կան հարուստ անտառներ։ Բաղդատաբար դրացի երկիրներուն, Զամպիա հարուստ է, շնորհիւ իր պղինձին։

Հինէն ի վեր Զամպիայի ժողովուրդներու կենցաղին մաս կազմած է երաժշտութիւնը։ Ցեղերու առաջնորդներն ունեցած են պալատական երաժիշտներ, նուագախումբեր, պարողներ։

1930 թուականին այստեղ ստեղծուած է նոր պար՝ «կալելէ»։ Որոշ ժամանակ անց այդ պարի ռիթմերն արդէն հանրածանօթ էին ողջ Ափրիկէիմէջ[9]։

  • Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, էջ 101-103։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]